ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Դոնալդ Թրամփի անցումային թիմում ամենաազդեցիկ անձ համարվող գործարար Իլոն Մասկը և ՄԱԿ-ում Իրանի մշտական ներկայացուցիչ Ամիր Սաիդ Իրավանին Նյու Յորքում քննարկել են Վաշինգտոնի ու Թեհրանի հարաբերություններում լարվածությունը նվազեցնելու ուղիները։ Նրանք դրական են որակել բանակցությունները և ասել, որ սա «լավ նորություն» են համարում։               
 

«Իրական Հայաստան» կերտելու փորձերը

«Իրական Հայաստան» կերտելու փորձերը
14.07.2024 | 07:20

(սկիզբը` այստեղ)

Պետական քաղաքականութեան բնագաւառում այս նոյն պայքարի դրսեւորումները հակիրճ վերլուծելով, Մեհեանը գրում է․

«Արտաշէս, Տիգրան եւ, աւելի ետք, որոշ չափով Տրդատ զօրեղ անհատականութիւններ են։ Եւ այդ անհատականութիւններու զօրութիւնն է, որ յաջողած է ստեղծել, տարածութեան ամբողջութեան հետ, զայն հաւաքական ճիգերով ոչ միայն ապահով պահելու, այլեւ աստիճանաբար ընդլայնելու կարելիութեան հաւաքական տենչը․․․

«Արշակունեաց Հարստութիւնը մեզ զրկած է այդ կարելիութենէն: Արշակ ի զուր ջանաց հաւաքական հայրենիքին ո՛չ թէ գաղափարը եւ անոնց ըմբռնումը պարտադրել, այլ բնաշխարհին կամ նախօրօրանին պաշտպանութիւնը դարձնել հաւաքական: Նախարարական տուներ, կամ՝ առանձին սահմանաւորումներ՝ սեփական հողերով եւ ուժերով, որմէ նաեւ սեփականին նախասիրութիւնը, ինչ որ յաճախ զայն ընդհանրականէն գերադասելու մղած է զիրենք։

«Այդ Հարստութեան անկումը արդիւնքը չէ միայն մօտաւոր կամ հեռաւոր ուժերու գերզօրութեան՝ բաղդատած մեր ուժերուն։ Այլեւ այն իրողութեան, որ այդ համեմատաբար` տկարը եղած չէ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆ մը՝ տոգորուած ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ-ին պաշտպանումին կիրքովը։ Արդիւնք՝ մասնակի նախասիրութիւններու եւ անոնցմէ բխող տեսակէտներու:

«Այս բացասական իրողութեան մէջ իր բացասական դերը ունեցա՞ծ է մեր աշխարհագրութիւնը։ Այո, ինչպէս որ նոյն աշխարհագրութիւնը ինքզինք տեւապէս հակադրած է մեր ժողովուրդի` նկարագրին, հակառակ անոր, որ այդ նկարագրին կազմաւորման մէջ տիրական դեր կատարած է։

«Նախ Բագրատունիներ եւ ապա Ռուբինեաններ խռովքներ ու խոյանքներ են այդ նկարագրէն բխող։ Եւ ընդդէմ ո՛չ միայն տիրակալող ուժերուն, այլեւ անոնց տիրակալութեան պատճառներէն գլխաւորին՝ մեր աշխարհագրութեան դէմ։

«Դարերու ամբողջ տեւողութեան յարատեւ հոլովոյթն է մեր աշխարհագրութեան եւ մեր նկարագրին իրարու հակադրութան, - քառուղիին եւ ազատութեան ձգտումին: Վեց դարերու ստրկութեան շրջանը ժառանգած էր «պատմական Հայաստան»-ը՝ իբրեւ միայն քարտէզ, բայց ո՛չ իսկ աշխարհագրութիւն, որ օրինական սահմաններով պայմանաւորուած պէտք է ըլլայ:

«Հազիւ վերապրած եղեռնէն, Հայաստանի Անկախութիւնը ոչ միայն հիմնովին ձեւափոխեց մեր գոյավիճակը քաղաքական տեսակէտէն, այլեւ Հայրենիքին «պատմական»-ը վերածեց` իրականութեան: Մայիս 28-ը անկիւնադարձ մըն է կրկնակի տեսակէտներով, - նոր էջ մը մեր պատմութեան մէջ, եւ սեփական հայրենիքի գաղափարին եւ այդ գաղափարին ըմբռնումին յայտնութիւնը:

«Հայաստանի խորհրդայնացումը այդ յայտնութեան անհետացումին կը ձգտէր։ «Խորհրդային Հայաստան», - այդ երկու բառերուն պարտադրական զօդումին հակառակ, պայքարը անոնց միջեւ էր, - «Հայաստան»-ը՝ իբրեւ յայտնութիւնը սեփական հայրենիքին, իսկ «Խորհրդային»-ը իբրեւ ձգտումը գայն անհետացնելու»։

(Մեհեան Կարօ, «Մեր Հայրենիքները», Ազդակ օրաթերթ, Բէյրութ, 1973 յունուարի 11)

(շարունակելի)

Կարէն ԽԱՆԼԱՐԵԱՆ

Դիտվել է՝ 9503

Մեկնաբանություններ